2013-06-05 14:58:40

''Աղօթեցէք Սուրիոյ Մտահոգիչ Վիճակին Համար'' Հրաւէր Ուղղեց` Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը


Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը անցեալ կիրակի 2 յունիսին ժամանեց Հռոմ եւ երկուշաբթի 3 յունիսին վատիկանի մէջ` անդրանիկ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Հոգեւոր Տէրը այս առթիւ հրաւիրեց Քահանայապետը յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։ Յաջորդ օրը 4 յունիսին Ներսէս Պետրոս ԺԹ -ը մասնակցեցաւ Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած համապատարագին։
Իսկ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին արտայայտուելով Սուրիոյ տագնապալից իրավիճակի մասին Հոգեւոր Տէրը ըսաւ.

RealAudioMP3

Սուրիոյ վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ: Մէկ կողմէ Արեւմտեան երկիրները որոշած են զինել Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմադիրները, միւս կողմէն, Ռուսաստանը արդէն հայթայթած է Սուրիոյ կառավարութեան յառաջացած տեսակէն հրդիրներ:
Տակաւին լուր չկայ Միքայէլ վրդ.ին մասին եւ ոչ ալ արեւանգուած 2 Եպիսկոպոսներուն մասին: Ամէն օր անհաշիւ մեռեալներ եւ վիրաւորներ զոհ կ'երթան ներկայ անիշխանութեան վիճակին: Ժընէվի կայանալիք ժողովը արդե՞օք տեղի պիտի ունենայ եւ խաղաղութեան արդիւնք պիտի բեր՞է: Շատեր կը տարակուսին:
Ամէն անգամ որ կը յաջողիմ կապուիլ Արհի. Միրիաթեան Գերպ.ին հետ, մեր Հալէպի Առաջնորդը, ան կ'ըսէ որ լուր չկայ արեւանգուած եկեղեցականներուն մասին եւ աղօթեցէ՛ք մեզի համար: Սրբազան Պապն ալ քանի անգամ խնդրեց որ հակադիր զինեալ ոյժերը համաձայնութեան գան, խնայելու համար անզէն անմեղները: Բայց ի զուր: Մենք անընդհատ կերպով կ'աղօթենք Սուրիոյ մտահոգիչ վիճակին համար: Դուք ալ աղօթեցէք: Մեր յոյսը Աստուծոյ վրայ միայն դնե՛նք:








All the contents on this site are copyrighted ©.